Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ի՞նչ Կը Պատահի

February 4, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Տարեշրջանը սկսաւ 20 հոկտեմբերին, եւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը Հուփսի դէմ սկսաւ ախոյեանութեան իր մրցումները յաղթանակներով: Սակայն 6 յաջորդական յաղթանակներու յաջորդեցին 4 պարտութիւններ, մէկ յաղթանակ եւ 2 այլ պարտութիւններ: Դարձի առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւններ, ապա երկու յաղթանակներ եւ անսպասելի պարտութիւն մը եւս Էն.Էս.Էյ.-էն: Սխալ բան մը կայ, որ բազմաթիւ  պատճառներ ունի վստահաբար, բայց լուծում կա՞յ… Ի՞նչ կը պատահի: Մէկ բան յստակ է, որ տարեշրջանի յաղթանակներու այդ շարքէն ետք, Թայլըր Պէյ վիրաւորուեցաւ, եւ սկսաւ ՀՄԸՄ-ի արդիւնքներուն նահանջը: Աւելի ուշ, դարձի առաջին մրցումին Ահմետ Իպրահիմ ձեռքը կոտրեց, բան մը, որ ժխտական ազդեց արդէն ոչ շատ յաջող ելոյթներ ունեցող խումբին: Եթէ լուրջ պասքեթպոլ պիտի խօսուի, շատ բնական է, որ առանց սենթըրի խաղալով արագ պասքեթպոլի պիտի դիմուէր, բան մը, որ ՀՄԸՄ-ին յաջողութիւններ բերուած է տարիներէ ի վեր, բայց այս մէկը միշտ ալ չի յաջողիր, մանաւանդ որ միշտ 3 կէտնոց կողովներ չեն յաջողիր, իսկ «քլասիք» պասքեթպոլ խաղալու համար «քլասիք» փլէյ մէյքըրի պէտք ունիս: Շատերու համար փլէյ մէյքըր Ճորտըն Սթիվընզ տաղանդաւոր եւ լաւ հարուածներ ունեցող մարզիկ մըն է, բայց անոր միշտ ալ վստահիլը լաւ արդիւնք չի տար: Բազմաթիւ մրցակից խումբեր զայն 2 մարզիկներով կը ճնշեն` պատճառ դառնալով, որ ան թըրն-օվըրներ կատարէ: Անոր յաջող ֆլոթըրները այլեւս այդքան ալ յաջող չեն, եթէ մեծ մասամբ լուրջ հսկողութեան տակ ըլլայ, 7,8 էսիսթ ունենալն ալ այդքան ալ շատ չէ փլէյմէյքըրի մը համար: Նոյնիսկ 3 կէտերու տոկոսը 32-ի նուազած է: Պէտք է օգտուինք մանաւանդ, երբ մրցակից խումբեր 2 հոգիով կը պաշտպանեն Ճորտընի վրայ, որ կը նշանակէ, թէ անպայման ՀՄԸՄ-ական մարզիկ մը առանձին է: Խալիտ Թոմաս միջին հաշուով 18 կէտ կը նշանակէ ամէն մրցումի 9 ռիպաունտի կողքին եւ քիչ թէ շատ կը պաշտպանէ: Թայլըր Պէյ շատ լաւ ձեւով սկսելէ ետք, ուր 30-ի մօտ կէտեր կը նշանակէր ամէն մրցումի 12 ռիպաունտի կողքին, այժմ միջին հաշուով 21 կէտ եւ 9 ռիպաունտ կը նշանակէ:

Այզաք Այյուպի, Ազիզ Ապտել Մասիհ, Կապրիէլ Աճէմեան, Թանիուս Աքիքի, Ահմետ Իպրահիմ (երբ վերադառնայ), Սէրուժ Աւետիսեան եւ Փիթըր Տեքերմենճեան իրենց կարելին կը փորձեն ընել, բայց արդիւնքը այդքան ալ համոզիչ չէ, մանաւանդ վերջերս:

Վաղը մեր դաշտին վրայ, որ նախապէս «նարնջագոյն դժոխք» անունը ունէր, երբ համակիրները կ՛ողողէին դաշտը 40 վայրկեաններ քաջալերելով եւ գեղեցիկ կանչերով ու երգերով 6-րդ մարզիկը կը դառնային, Շանվիլի դէմ մրցումին ոչ մէկ պատճառ ունինք բացակայելու:

8 մրցումներ կատարուեցան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, եւ ՀՄԸՄ 6 յաղթանակներ արձանագրեց… Կէս դաշտը պարապ վիճակի մէջ: Շատեր կը գանգատին այս կամ այն մարզիկէն, մարզիչին սխալներուն կամ նոյնիսկ իրաւարարներուն մակարդակին համար: Պարտութեան պարագային միշտ բողոք կայ… Բնական բան մը մըն է, թերեւս պարզապէս պարտուիլ չենք սիրեր, բայց պէտք չէ մոռնանք, ինչպէս մենք խումբ ունինք, ուրիշներ ալ խումբ կազմած են հասնելու «ֆայնըլ 4»: Ինչպէս մենք չենք սիրեր պարտուիլ, իրենք ալ նոյնպէս  բնականաբար:

Ի՞նչ կը պատահի, երբ մեր մարզիկները առանձին ձգենք մեր դաշտին վրայ` առանց քաջալերանքի: Ո՞վ շահած կ՛ըլլայ:

Վաղը բոլորս դէպի դա՛շտ, 40 վայրկեան քաջալերելու առանց պատճառաբանութիւններու: Մեր խումբն է, մեր մարզիկներն են, եւ պէտք է օգնել զանոնք քաջալերանքով: Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր:

 

 

Նախորդը

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Թաուֆիր-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր.  Միլանի Մէջ Գեղեցիկ Բացում… Առանց Ձիւնի
Գլխաւոր լուրեր

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Միլանի Մէջ Գեղեցիկ Բացում… Առանց Ձիւնի

February 9, 2026
Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ

February 9, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Դարձի Մրցումները
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Դարձի Մրցումները

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.