Այսօր ժամը 20:30-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը տարեշրջանի իր 17-րդ մրցումը պիտի կատարէ Շանվիլի (Մարիսթ) դէմ:
Երթին, ախոյեանութեան իր 7-րդ մրցումին, ՀՄԸՄ կը սուրար 6 յաջորդական յաղթանակներէ ետք, եւ դիւրին կը թուէր ըլլալ նիւթական նեղ պայմաններու մէջ գտնուող Շանվիլի դէմ մրցումը:
Այդ օրը անկիւնադարձային եղաւ ՀՄԸՄ-ի համար, ուր խումբին աստղը` Թայլըր Պէյ վիրաւորուեցաւ, մինչ Շանվիլ տարեշրջանի իր լաւագոյն ելոյթներէն մէկը ունեցաւ առանց մարզիչի եւ յաղթեց 116-89 արդիւնքով: Այդ մրցումէն ետք ՀՄԸՄ 9 մրցումներ կատարեց` յաղթելով 3 մրցումի եւ կորսնցնելով 6-ը:
Այդ օրուան աստղերը` Հենրի Սիմզ, Ճեվիըն Պլէյք, Ալեքսանտր Լազիչ, Ճիմի Սալեմ, Մարք Ապի Խերս, Ալի Մահմուտ եւ Ժան Մարք Ժարրուժ այժմ լքած են Շանվիլը, որ վստահած է նոր օտարներու` սենթըր Տարիըս Էկնիուի, Քրիսթիան Հարվին եւ Խուլիօ Քլավերի, որոնք միջակ կարգի օտար կը նկատուին: Լիբանանցիներ Կապրիէլ Սամահա, Հատի Խաթիպ, Ռուտի Մասսատ, Սթիւ Ասսաֆ, Սամեր Շամի, Ժատ Աթալլա եւ Էտուար Նիման իրենց կարելին կ՛ընեն խումբը պահելու առաջին դասակարգին մէջ: Շանվիլ իր վերջին յաղթանակը արձանագրած է անցեալ 21 դեկտեմբերին` Պաթրունի դէմ, ՀՄԸՄ-ի մրցումէն 11 օր ետք: 8 յաջորդական պարտութիւններ կրած խումբը պէտք է դիւրին ըլլայ ՀՄԸՄ-ի տղոց համար, որոնք պէտք ունին «զարթօնք»-ի մը: Համակիրներէն կը սպասուի խիտ շարքերով ներկայ ըլլալ դաշտ` քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի տղաքը եւ դաշտէն օգնելով անոնց, որոնք իրապէս համակիրներուն քաջալերանքին կարօտցած են:
Աշխարհի 4 ծագերուն, բոլոր մարզական խմբային խաղերուն մէջ, համակիրներն են, որոնք կը մղեն խումբը դէպի յառաջ` մոռնալու բոլոր ձախողութիւնները:
12 խումբեր կան, որոնք կը մրցին ախոյեանութեան ընթացքին, եւ բոլոր խումբերն ալ իրենց համակիրները ունին: Բոլորը ախոյեանութեան տիտղոսին համար չէ, որ կը խաղան, բայց բոլորին համակիրներն ալ առնուազն իրենց դաշտերը կը լեցնեն համակիրներով:
Վաղը Պէյրութ պիտի մրցի Հուփսի դէմ, մինչ շաբաթ օր Սանթրալ պիտի հիւրընկալէ Ռիատին: Կիրակի Էն.Էս.Էյ. պիտի մրցի Սաժեսի դէմ, իսկ Պաթրուն պիտի ըլլայ հիւրը Թատամոն Հրաժելի, 18-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի յետաձգուած մրցումը` Պէյրութի դէմ (15-րդ հանգրուանէն) տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, երեկոյեան ժամը 16:45-ին, Շիյահի մէջ:


