Քալիֆորնիա նահանգի Քոմերս քաղաքին մէջ երէկ առաւօտեան ժամերուն տեղի ունեցաւ «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի Եու. Էն.Էֆ. 30-ի երեկոն:
8 Հայ մարտիկներ ունէին մրցումներ, որոնց կարգին օրուան կարեւորագոյն մրցումը` փետուրի կշիռի տիտղոսի մրցումը` Տարօն Գրիգորեանի եւ ամերիկացի Ալպերթ Մորալեսի միջեւ:
34 տարեկան Մորալես պահեց իր տիտղոսը` խեղդելու կարելիութեամբ անշարժացնելով Գրիգորեանը:
Նոյն կշիռի գծով մրցումի մը ընթացքին Միհրան Յարութիւնեան (Մայեսթրօ) հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկացի Շէյն Թորեսի դէմ:
Թեթեւ կշիռի մրցումներուն, Դաւիթ Մկոյեան պարտութեան մատնեց Խաւիէ Կարսիան, մինչ Կամօ Գրիգորեան իր կարգին պարտութեան մատնեց Քրիս Մարթինեսը: Թեթեւ կշիռի գծով այլ մրցումի մը, Ժորա Սահակեան պարտութեան մատնեց Ռայըն Լիլին:
63,5 քկ կշիռի (ճանճի կշիռ) գծով մրցում մը, Պարգեւ Խաչատրեան պարտութեան մատնեց Տէյվիտ Տիւրենը: Արթուր Յարութիւնեան պարտութեան մատնեց Ճեֆ Մարթինը, մինչ Արշակ Տատուրեան հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց Սեթ Քոլմենի դէմ մրցումին:


