Մարզական

Ըմբշամարտ.  Հայաստան 14 Տիտղոսներով Վերադարձաւ

Ըմբշամարտ. Հայաստան 14 Տիտղոսներով Վերադարձաւ

Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ տեղի ունեցաւ Քրիսթիան Փալուսազուի յիշատակին նուիրուած ըմբշամարտի 37-րդ միջազգային մրցաշարքը: Ազատ եւ յունահռոմէական ոճերու աւարտական մրցումներուն մեծ թիւով հայ ըմբիշներ մասնակցեցան եւ արձանագրեցին հետեւեալ արդիւնքները. Յունահռոմէական ըմբշամարտ 60 քկ Սուրէն Աղաճանեան 97 քկ Սլաւիկ Գալստեան 72 քկ Գասպար Տէրտէրեան 77 քկ Մալխաս Ամոյեան 82 քկ Սամուէլ Գրիգորեան 97 քկ Հայկ Խլոյեան 130 քկ Արամայիս Յարութիւնեան Ազատ...

Ուու Շու.   Արսէն Բաղրեան Միջազգային Ճանաչումի Արժանացաւ

Ուու Շու. Արսէն Բաղրեան Միջազգային Ճանաչումի Արժանացաւ

Հայ մարզիկ Արսէն Բաղրեան արժանացաւ միջազգային հեղինակաւոր ճանաչման: Միջազգային Ուուշուի ֆետերասիոնը զինք ընտրեց 2025-ի լաւագոյն մարզիկ` ընդգծելով թէ՛ անոր մարզական նուաճումները, թէ՛ անձնական որակները: «Այ. Տապըլեու. Եու. Էֆ.»-ի (միջազգային Ուուշուի ֆետերասիոն) յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Արսէն Բաղրեան կը նկատուի Հայաստանի ամէնէն ուժեղ մարզիկներէն մէկը` իր բացառիկ ֆիզիքական տուեալներով, բարձր կարգապահութեամբ եւ օրինակելի մարդկային յատկանիշներով: Ան կանուխ տարիքէն զբաղած է...

«Էմ.Էմ.Էյ.»  Ռաֆիկ Ալեքսանեան Պարտութեան Մատնեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցը Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Ռաֆիկ Ալեքսանեան Պարտութեան Մատնեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցը Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

Հայ «Էմ. Էմ.Էյ.»-ի մարտիկ Ռաֆիկ Ալեքսանեան (61.2 քկ) վստահ յաղթանակ արձանագրեց «Էմ. Էմ.Էյ.»-ի Եւրոպայի 2026-ի տարիքային ախոյեանութեան քառորդ աւարտականին` ազրպէյճանցի Քանան Ալիեւի դէմ մրցումին (30-27), եւ հասաւ կիսաւարտական: «Առիւծի սիրտ» ակումբը ներկայացնող Ալեքսանեան ամբողջովին տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ եւ երեք ռաունտերէն ետք գերազանցեց թէ՛ կանգնած դիրքին վրայ, թէ՛ գորգին վրայ` կասկածի առիթ չտալով իրաւարարներուն, որոնք յաղթանակը շնորհեցին հայ մարտիկին: Աւելի...

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր.  Միլանի Մէջ Գեղեցիկ Բացում… Առանց Ձիւնի

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Միլանի Մէջ Գեղեցիկ Բացում… Առանց Ձիւնի

Ուրբաթ օր ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ` ներշնչուած Լէոնարտօ Տա Վինչիի «հսկայ կաթսայ»-ի տեսարանով, մինչ ամերիկացի երգչուհի Մըրայա Քերի իտալերէն կ՛երգէր: Սքանչելի տեսարաններով եւ թեմաներով հարուստ բացման արարողութենէն միայն ձիւնը կը բացակայէր: Ձիւնը ներկայ էր միայն ռուս արուեստագէտ Սլաւա Փոլունինի «Սլաւա Սնօ Շօ»-ի պահուն, ուր գեղեցիկ ձեւով ան ներկայացուց թատրոնի նման տեսարան մը, որ ապշեցուց բոլոր ներկաները: Սան...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ

Այսօր ժամը 16:45-ին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը շատ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Շիյահի դաշտին վրայ` Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ: Անհատաբար ՀՄԸՄ աւելի որակաւոր մարզիկներ ունի, բայց պէտք է ըսել, որ մրցակից խումբի օտարները բաւական բարձր  մակարդակի մարզիկներ են, անոնցմէ Տանիէլ Հեմիլթըն, Թրէյ Ճեքսըն եւ Էյ.Ճէյ. Ինկլիշ եթէ իրենց լաւ օրերուն մէջ ըլլան, կրնան լուրջ «գլխու ցաւեր» պատճառել: Երթին ՀՄԸՄ 104-99...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Դարձի Մրցումները

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Դարձի Մրցումները

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը շաբաթ օր Նըժմէի դաշտին վրայ շատ կարեւոր յաղթանակով սկսաւ Գ. դասակարգի դարձի մրցումները` 4-2  արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թաուֆիրը` Նըժմէի դաշտին վրայ: Մրցակից խումբը քիչ մը չափազանց կարծր ֆութպոլ կիրարկեց, բայց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կրցաւ առիթները օգտագործելով շահիլ կարեւոր 3 կէտերը: Շատեր կրնան նայելով դասաւորման կարծել կամ դատել, թէ մրցակից խումբը միայն 4 կէտեր ունենալով տկար...

Բռնցքամարտ.   Եուրի Սաքունց Նաք-Աութի Ենթարկեց Ուրվանովը

Բռնցքամարտ. Եուրի Սաքունց Նաք-Աութի Ենթարկեց Ուրվանովը

29 տարեկան հայ բռնցքամարտիկ Եուրի Սաքունց կը շարունակէ հաստատ քայլերով յառաջանալ արհեստավարժ ասպարէզին մէջ եւ իր 21-րդ ելոյթն ալ աւարտեց յաղթանակով: Պանքոքի մէջ տեղի ունեցած բռնցքամարտի երեկոյին ընթացքին, Սաքունց նաք¬աութով պարտութեան մատնեց ռուս Մարք Ուրվանովը, առաջին ռաունտին իսկ: 18 ապրիլին Սաքունց պիտի ունենայ իր յաջորդ ելոյթը Աւստրիոյ մէջ: Սաքունց իր այս արդիւնքներով մօտեցաւ աշխարհի լաւագոյն 50  մարզիկներու դիրքին` ինքզինք հաստատելով...

Զելարայեանի Սքանչելի Կոլին Շնորհիւ Պելկրանօ Յաղթեց

Զելարայեանի Սքանչելի Կոլին Շնորհիւ Պելկրանօ Յաղթեց

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պելկրանօ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պանֆիլտը: Մրցումի միակ կոլի հեղինակը դարձաւ Պելկրանոյի խմբապետ եւ Հայաստանի ազգային խումբի յարձակող միջնապահ Լուքաս Զելարայեան: 54-րդ վայրկեանին, Էմիլիանօ Ռիկոնիի փոխանցումէն ետք, Զելարայեան կռնակը բերդին ինքն իր վրայ դարձաւ, խաղի բերաւ Պանֆիլտէն մարզիկ մը եւ մօտ 35 մեթրէն ռմբային սքանչելի հարուածով գրաւեց Պանֆիլտի բերդը: Ասիկա 33 տարեկան Զելարայեանի առաջին...

Ֆութսալ.  Սպանիա`  Եւրոպայի Ախոյեան

Ֆութսալ. Սպանիա` Եւրոպայի Ախոյեան

Սպանիոյ ֆութսալի խումբը 5-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Եւրոպայի գործող ախոյեան Փորթուգալին, դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Հայաստանի մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեանի «երազը» իրականացաւ: Եուրոյէն առաջ Նազարէթեան յայտնած էր, թէ կը ցանկայ Փորթուգալի պարտութիւնը` առանց յայտնելու պատճառները, սակայն ան շաբաթավերջին բացայայտեց այդ մէկը: 2024-ին Փորթուգալի բողոքներուն պատճառով Հայաստանի ազգային խումբին արդիւնքները թեքնիք պարտութիւններու փոխուած էին, այդ օրերուն 4-5 մարզիկներ, որոնք պրազիլական ծագում ունէին, կը...

«Էն.Պի. Էյ.» Սան Անթոնիօ Կը Շարունակէ Փայլիլ. Հիուսթըն Ռոքեթց Կը Շրջէ Արդիւնքը

«Էն.Պի. Էյ.» Սան Անթոնիօ Կը Շարունակէ Փայլիլ. Հիուսթըն Ռոքեթց Կը Շրջէ Արդիւնքը

Սթեֆըն Քեսըլ 40 կէտով թրիփըլ տապըլ իրագործեց եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ իր յաջորդական 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 138-125 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տալաս Մեւրիքսին: 2025 լաւագոյն ռուքի (սկսնակ) մարզիկը  ընտրուած Քեսըլ 40  կէտերու կողքին 12 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ ալ ձեռք ձգեց, 3 սթիլ եւ պլոք մըն ալ կատարեց: 21 տարեկանին Քեսըլ դարձաւ 3-րդ մարզիկը, որ այս տարիքին 40 կէտով թրիփըլ-տապըլ  կ՛իրագործէր...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Թաուֆիր-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Թաուֆիր-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այսօր ժամը 14:15-ին Նըժմէի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը պիտի մրցի Թաուֆիրի դէմ, Գ. դասակարգի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը պէտք է աւելի լաւ մթնոլորտի մէջ պատրաստուած ըլլան դարձի մրցումներուն, եւ իւրաքանչիւր մրցումի հետ պէտք է յատուկ լրջութեամբ վերաբերիլ: Խումբը, որ արդէն իսկ լաւ էր, աւելի եւս զօրացնելու համար ձեռք բերուեցան երկու նոր մարզիկներ` վեթերան...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Իր 6-րդ Յաջորդական Մրցումը Յաղթեց

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Իր 6-րդ Յաջորդական Մրցումը Յաղթեց

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը կը շարունակէ իր յաջող մրցումներու ընթացքը եւ հինգշաբթի գիշեր 99-60 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մթայլեպի դաշտէն` արձանագրելով իր յաջորդական 6-րդ յաղթանակը: ՀՄԸՄ-ի աղջիկները մրցումի սկիզբէն լաւ սկսան եւ փայլուն արդիւնք մը եւս արձանագրեցին` շնորհիւ իրենց փայլուն հնգեակին: Մեղրի Թորոսեան (14 կէտ), Էնճըլ Պէյքըր (6 կէտ), Փերլա Պու Նասր (28 կէտ եւ 9 ռիպաունտ), Ամար Մանսուր (11 կէտ,...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ- Շանվիլ 105-97

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ- Շանվիլ 105-97

Հինգշաբթի գիշեր ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը 105-97 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շանվիլը` բարձրանալով 5-րդ դիրքը: ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը տարեշրջանին սկիզբը լաւ սկսելէ ետք բաւական անկայուն վիճակի մէջ կը գտնուի, մեծ մասամբ որովհետեւ կը փորձէ խաղաոճ փոխել` աշխատելով պաշտպանողականի վրայ: Հարցը այն է, որ պաշտպանողական խաղը յարձակողականի փոխելը քիչ մը հարց կը ստեղծէ, երբ գնդակին տիրանանք` յաճախ պզտիկ սխալներ գործելով: Առաջին մասը...

Նշանառութիւն.  Դաւիթ Խաչատրեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Նշանառութիւն. Դաւիթ Խաչատրեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Հայ հրաձիգ Դաւիթ Խաչատրեան ոսկի մետալ նուաճեց մինչեւ 16 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան, 10 մեթր օդամղիչ հրացանի մրցումներուն: Պուրկասի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի երիտասարդներու (18-էն վար եւ 16-էն վար) ախոյեանութեան, Խաչատրեան կրցած է հաւաքել 414,7 կէտ` սահմանելով եւրոպական նոր մրցանիշ իր տարիքային կարգին մէջ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Լիթուանիոյ Լաուրինաս Մաչիոնիս` 413,8 կէտով, իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ թուրք Շահին Եըլմազը` 412...

«Էն.Պի.Էյ.»  Ռիվզ Հերոսացաւ Եւ Փրկեց Լէյքըրզը` Տոնչիչի Վիրաւորուելէն Ետք

«Էն.Պի.Էյ.» Ռիվզ Հերոսացաւ Եւ Փրկեց Լէյքըրզը` Տոնչիչի Վիրաւորուելէն Ետք

Օսթին Ռիվզ 35 կէտ նշանակեց 25 վայրկեաններու ընթացքին եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրցաւ յաղթել 119-115 արդիւնքով Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին: Լըպրոն Ճէյմս 17 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզին, որ Ֆիլատելֆիոյ 5 յաջորդական յաղթանակներու շարքը ընդմիջեց: Ժոել Էմպիիտ 35 կէտ նշանակեց, եւ Թայրիս Մեքսի աւելցուց 26 կէտ եւ 13 էսիսթ ի նպաստ 76-ըրզի, որ 14 կէտի առաւելութիւն ունէր մրցումի...

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Յաղթեց Տենվըրին. Տէյվիս Միացաւ Ուաշինկթընին

«Էն. Պի. Էյ.» Նիւ Եորք Յաղթեց Տենվըրին. Տէյվիս Միացաւ Ուաշինկթընին

«Էն Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, բայց մրցումներուն նման փոխանցումներու նիւթն ալ մեծ ուշադրութեան կեդրոն դարձաւ: Տարի մը առաջ աղմուկ բարձրացուցած փոխանցումէն ետք, ուր Տալաս Մեւրիքսի սլովենիացի աստղ Լուքա Տոնչիչ միացած էր Լոս Անճելըս Լէյքըրզին, մինչ Անթոնիօ Տէյվիս հակառակ ուղղութեամբ գացած էր` միանալով Տալասին, այժմ Անթոնիօ Տէյվիս, Ճէյտըն Հարտի Տ՛Անճելօ Ռասըլ եւ Տանթէ Էքսըմ միացան Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին, մինչ Տալաս ձեռք...

Պասքեթպոլ.  Դանիէլ Կիրակոսեանի Պատմական Թրիփըլ-Տապըլը

Պասքեթպոլ. Դանիէլ Կիրակոսեանի Պատմական Թրիփըլ-Տապըլը

Հայաստանի պասքեթպոլի հաւաքականի 20 տարեկան մարզիկ Դանիէլ Կիրակոսեան անհաւատալի արդիւնք ձեռք ձգեց Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մէջ` մտնելով մրցանիշներու էջը: Երեւանի բանակայիններու խումբի մարզիկ Կիրակոսեան 12 փորձերէն 7 յաջող 3 կէտնոց կողով նշանակեց, իսկ 33 փորձերէն 29 յաջող 2 կէտնոց կողով արձանագրեց` ձեռք ձգելով 84 կէտեր եւ օգնելով, որ իր խումբը 160-102 արդիւնքով յաղթէ Եու.Էս.Թայթընզ խումբին: Կիրակոսեան ոչ միայն 84 կէտ...

Փոխանցումներու Աշխարհէն.  Մեսսի Դէպի Արժանթի՞ն

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Մեսսի Դէպի Արժանթի՞ն

Լիոնել Մեսսի կրնայ անակնկալի բերել բոլորը` վերադառնալով իր պատանեկան տարիներու Նիուելզ Օլտ Պոյզ ակումբը: 38 տարեկան Մեսսի վերջերս «Միրըր»-ի լուրերէն մէկուն մէջ նշած էր, թէ կրնայ վերադառնալ Արժանթին, ուր 7 տարիներ բոլորած էր  պատանեկան օրերուն` 13 տարեկանին Պարսելոնային միանալէն առաջ: Մեսսի, որ անցեալ հոկտեմբերին նոր պայմանագրութիւն ստորագրած էր Ինթեր Մայեմիի հետ, միշտ ունեցած է Նիուելզ Օլտ Պոյզի հետ խաղալու երազը:...

Ֆութսալ.  Փորթուգալ Եւ Սպանիա Հասան Աւարտական

Ֆութսալ. Փորթուգալ Եւ Սպանիա Հասան Աւարտական

Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Փորթուգալն ու Սպանիան: Աշխարհի ֆութսալի դասաւորման 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը` Փորթուգալ եւ Սպանիա բարձր մակարդակի մրցումներ կ՛ունենան, եւ շատ հետաքրքրական աւարտական մը կը սպասէ շաբաթ օր, Լիուպլիանայի մէջ (Սլովենիա): Եուրոն, որ սկսած էր Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ մէջ, իր կիսաւարտականն ու աւարտականը Սլովենիա կը շարունակէ: 2022-ի ախոյեան Փորթուգալ 4-1 արդիւնքով...

Թենիս.  Վալերիօ Աբոյեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Թենիս. Վալերիօ Աբոյեան Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Արժանթինահայ 23 տարեկան թենիսմեն Վալերիօ Աբոյեան (թիւ 526) կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները Էյ. Թի. Փի. Ռոզարիօ Չալենճըր մրցաշարքին: Ան երկու սեթով 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց սպանացի Փետրօ Սանչես-Իսքերտոն (թիւ 279) եւ հասաւ քառորդ աւարտական: Աբոյեանի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Թայուանի Չուն Հսին Ցենկը (թիւ 122) թէեւ Վալերիոն տակաւին չէ հասած յայտնի արժանթինահայ թենիսմեն Տաւիտ Նալպանտեանի յաջողութիւններուն, բայց...

Page 61 of 1275 1 … 60 61 62 … 1,275

Արխիւներ