Այս շաբաթ օր ժամը 14:15-ին Նըժմէի դաշտին վրայ (Մանարայի շրջան) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի սկսի Գ. դասակարգի դարձի իր մրցումները` Թաուֆիրի դէմ:
Դարձի մրցումները պիտի ըլլան 7 աւարտականի նման մրցումներ, որոնց ընթացքին պէտք է կեդրոնացած խաղալ եւ կարելի եղածին չափ քիչ սխալներ գործելով 3 կէտերուն վրայ կեդրոնանալ:
Երթին բազմաթիւ մրցումներու ընթացքին անիմաստ կէտեր կորսնցուցինք, բայց բոլոր մրցակիցներն ալ գիտենք, եւ շատ լաւ գիտենք, թէ բոլորին ալ կրնանք յաղթել, եւ անցեալի սխալները չկրկնելով եւ արդիւնաւէտ ըլլալով մրցակիցի բերդին դիմաց կրնանք հասնիլ աւարտական հանգրուան (ֆայնըլ 6):
Ստորեւ կը ներկայացնենք 8-րդ (դարձի առաջին) շաթբուան յայտագիրը.
Ուրբաթ օր
Ահլի Սայտա – Ժալիլ Քանա (Անսարի դաշտ)
Շաբաթ օր
Իժթիմահի – Հորր Ամելի (Թրիփոլիի քաղաքապետարանի դաշտ)
Թաուֆիր – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ (Նըժմէի դաշտ)
Կիրակի օր
Հարաքեթ Շապապ – Ղատ Աֆտալ (Թրիփոլիի պահեստի դաշտ)


