Ֆութպոլի միջազգային կազմակերպութեան՝ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ,Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը մնաց նոյն դիրքին վրայ՝102-րդ:
Հայրենի կազմը իր տրամադրութեան տակ ունի՝1213 վարկանշային կէտ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Պելճիքա:Անոր ետին կը գտնուի Ֆրանսա,մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ՝Պրազիլ:
Լաւագոյն տասնեակին մէջ են նաեւ՝Անգլիա,Ուրուկուէյ,Խրուաթիա,Փորթուգալ,Սպանիա,Արժանթին եւՔոլոմպիա: