Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը բանակցած է լոնտոնեան Արսենալի ներկայացուցիչներուն հետ,կապոնցի յառաջապահ՝Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկի փոխանցման գծով,այս գծով յայտնեց «France Football»-ը:
30 տարեկան ֆութպոլիստը պիտի հեռանայ Արսենալէն,մարզիկներու յառաջիկայ փոխանցման ընթացքին,եթէ անգլիական ակումբը «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տոմս մը չկարենայ ապահովել:
Օպամեյանկ հրաժարեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իր ակումբին հետ,որ կ՛աւարտի յունիս 2021-ին:
Նշենք,որ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի ընթացիկ ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանէն ետք,Արսենալ 40 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը:



