Սկովտիոյ ֆութպոլի արհեստավարժ լիկան,կ՛ուզէ ապրիլի 23-էն ետք երկրին ախոյեանութիւնը համարել աւարտած, իսկ ախոյեան հռչակել ընթացիկ առաջատար Սելթիքին,կը հաղորդէ անգլիական The Guardian-ը։ Որոշումը ընդունելու համար անհրաժեշտ է բարձրագոյն դասակարգի 12 ակումբներուն 9-ին ձայնին։
Որոշ ակումբներ ոչպաշտօնապէս ձեւով սպառնացած են նման որոշումի մը պարագային,դատական հայց ներկայացնել լիկա-յին դէմ։Դատավարութիւններէն խուսափելու համար լիկա-ն կրնայ յաջորդ տարեշրջանին մասնակիցներուն թիւը 2-ով աւելցնել։
Նշենք,որ Պելճիքա եւս կ՛ուզէ աւարտել տարեշրջանը եւ ախոյեան հռչակել առաջատար Ֆ.Ք.Պրիւժին։
ԵՈՒ.Է.ԷՖ.Ա.-ն սակայն,բոլորին կոչ կ՛ուղղէ չխախտել մարզական սկզբունքները եւ սպասել ընդհանուր որոշումի մը,եւրոպական բոլոր ախոյեանութիւններուն գծով։