Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին ֆութպոլիստ՝Ռոնալտինիօ,յետ այսու բանտին մէջ չէ,բայց կը մնայ կալանքի տակ,պանդոկի մը մէջ,այս գծով երէկ յայտնեց «ֆութպոլ Էսբանա»ն:
40 տարեկան ֆութպոլիստը,նախորդ 5 մարտէն ի վեր կը գտնուի բանտարկուած՝Փարակուէյի բանտերէն մէկուն մէջ,կեղծ անձագիր կրելու պատճառով:
Փարակուէյի դատարանին որոշումով,ան կալանքի տակ պիտի մնայ կէս տարի,այսինքն մինչեւ անոր դատավարութեան աւարտը:
Շատ մը անուանի ակումբներու մաս Ռոնալտինիօ,2002-ին Պրազիլի հետ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:



