Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Շիրակ Գիւմրիի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ այս օրերուն ակումբին բժիշկը` Գրիգոր Սարգսեան կը գտնուի Ծաղկաձորի մէջ եւ «Կոլտըն Փալաս» պանդոկին մէջ կ՛օգնէ հոն մեկուսացածներուն, որոնք կը պայքարին «Քորոնա» ժահրին դէմ:
Անոր հետ միասին հոն կը գտնուին նաեւ այլ ակումբներու բժիշկներն ալ: