Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն երէկ իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ «Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը պիտի չյետաձգուին եւ տեղի պիտի ունենան նախապէս ճշդուած թուականին:
Կազմակերպութեան կատարած համաժողովէն ետք նշուեցաւ, որ խաղերը յետաձգելու անհրաժեշտութեան կարիք չկայ` նկատի ունենալով, որ անոր մեկնարկին ցարդ չորս ամիս կայ:
Ողիմպիական խաղերը պիտի սկսին 24 յուլիսին եւ կ՛աւարտին 9 օգոստոսին:
0