Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին ֆութպոլիստ՝Ճիանլուքա Վիալլի ըսաւ,որ յաղթահարեց ստամոքսային գեղձի քաղցկեղային հիւանդութեան,17 ամսուան բուժումէ ետք,այս գծով յայտնեց «Daily Mail»-ը:
«Ֆիզիքապէս եւ հոգեբանօրէն ծանր էր վիճակս:Առողջութիւնս վերականգնած է եւ մազերս դարձեալ սկսած են աճիլ»,յայտնեց 55 տարեկան Վիալլի:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին,ան մաս կազմած է շարք մը անուանի ակումբներու,որոնց կարգին՝Եուվենթուս,Չելսի եւ ուրիշներ:
Իսկ Իտալիոյ հետ,1990-ի մոնտիալին,ան դարձած է պրոնզէ մետալակիր:



