Գերմանական «Պիլտ» մարզական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պորուսիա Տորթմունտ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` 63 տարեկան զուիցերիացի Լիւսիեն Ֆաւրը:
Անոր կազմը նախորդ շաբաթավերջին կրեց 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը իր հիւրէն` Շթութկարթէն:
Նախորդ երեք հանգրուաններու մրցումներուն, Տորթմունտ, որ կրեց երկու պարտութիւն եւ արձանագրեց հաւասարութիւն մը, այժմ 19 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Ֆաւր խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ 2018-ին: Անոր հետ խումբը հանդիսացաւ Գերմանիոյ գերբաժակակիր: