Փաուլօ Ռոսսիի Թաղման Ընթացքին Կողոպտուեցաւ Անոր Տունը
«Ֆութպոլ-Իտալիա» երէկ յայտնեց, որ իտալական ֆութպոլի նախկին աստղ Փաուլօ Ռոսսիի յուղարկաւորութեան ընթացքին կողոպտուած է անոր բնակարանը:
Նշենք, որ Ռոսսի մահացաւ նախորդ 9 դեկտեմբերին, 64 տարեկան հասակին:
Անոր կինը անմիջապէս դիմեց ոստիկանութեան` նշելով, որ գողցուած են իր ամուսնոյն անձնական իրերը, ինչպէս նաեւ այլ կարեւոր գոյքեր:
Ոստիկանութիւնը անմիջապէս սկսաւ հետաքննութեան:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական