Ֆրանսական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ մահացաւ ֆրանսացի ֆութպոլի անուանի մասնագէտ Ժերար Հուլիէն: Ան 73 տարեկան էր:
Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան իր ամէնէն մեծ յաջողութիւններուն հասած է Լիվըրփուլի հետ, որուն մարզիչը եղած է 1998-էն 2004:
Ան եղած է նաեւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչը, ինչպէս նաեւ մարզած է այլ ակումբներ, որոնց կարգին` Լիոն, Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ ուրիշներ: