Նէյմար Վնասուածք Ստացաւ Եւ Դաշտէն Դուրս Բերուեցաւ Պատգարակով
Նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ 1»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, նուազագոյն արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիոնէն, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին:
Այս մրցումը չկրցաւ շարունակել հիւրընկալ կազմին մարզիկներէն 28 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ կորսուած վայրկեաններուն վնասուածք մը ստանալով պատգարակով դուրս բերուեցաւ դաշտէն:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական