Զուիցերիական մարզական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ 39 տարեկան Ռոժէ Ֆետերեր ճանչցուեցաւ իբրեւ Զուիցերիոյ պատմութեան բոլոր ժամանակներու լաւագոյն մարզիկը:
Ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 20 կրան շլեմի տիտղոսներու, 103 տարբեր տեսակի մրցաշարքերու տիտղոսներու, ինչպէս նաեւ արձանագրած է 1242 յաղթանակ:
Նշենք, որ ան 310 շաբաթ յաջողեցաւ գրաւել տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը: