Ռուսական Ֆութպոլ. Բայրամեան Մասնակցեցաւ Ռոսթովի Յաղթական Մրցումին
Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռոսթով, որ հիւրը եղաւ Ախմաթի, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հիւր կազմը իր կոլը նշանակեց մրցումին աւարտէն 8 վայրկեան առաջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Խորէն Բայրամեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, փոխարինուեցաւ 64-րդ վայրկեանին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռոսթով, որ ունեցաւ 32 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման չորրորդ դիրքը` 6 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկէն:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական