Արտակ Օսէեան Հեռացաւ Փիւնիկէն
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Փիւնիկ-Շիրակ մրցումէն ետք, Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեան պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը, որ ընդունուեցաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ:
Նշենք, որ մրցումը աւարտեցաւ Շիրակի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Ան ակումբի մարզիչ նշանակուած էր այս տարուան յուլիսին: Անոր հետ Փիւնիկ կատարեց 11 մրցում` արձանագրելով 5 հաւասարութիւն եւ կրելով 6 պարտութիւն:
Ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Օսէեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` յառաջիկային իր ասպարէզին շարունակման գծով:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական