Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի դահուկարշաւի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 16 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, «Ռեսթըն» պանդոկին մէջ (Մաամըլթէյն):
Այս մրցանակաբաշխութեան զուգահեռ, պիտի կատարուի նաեւ յաջողած մարզիչներու վկայականներու բաշխումը:



