Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 յունիսին Նըժմէի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նըժում մրցումը:
ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական կազմը, որ նախորդ մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, երէկուան այս մրցումին չկրցաւ իր յաղթական ընթացքը շարունակել եւ իր մրցակիցէն կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:



