Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Փիւնիկ Երեւան ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ միջնապահ Արամ Քոչարեան միացաւ կազմին:
25 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Բանանց Երեւանի (ներկայիս` Ուրարտու) սան է, նախապէս մաս կազմած է Արարատի, Լոքոմոթիւի, Գանձասարի եւ Լոռիի:



