Երէկ` երկուշաբթի, 14 յունիսին Ջերմուկի մէջ աւարտեցաւ Ստեփան Աւագեանի անուան ճատրակի միջազգային յուշամրցաշարքը:
Առաւելագոյն 9 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով` մրցաշարքին տիտղոսակիր դարձաւ կրանտմասթըր Մանուէլ Պետրոսեան:
Ան այսպիսով տիտղոսին կը տիրանայ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով:
Նոյնքան կէտ ապահոված Շանթ Սարգսեան գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Իսկ Արամ Յակոբեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան, որոնք ապահովեցին 5-ական կէտ, բաժնեցին 3-5-րդ դիրքերը:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը ճատրակ խաղացողներ: