Երէկ` երկուշաբթի, մեկնարկը տրուեցաւ «Քոփա Ամերիքա»-ի 2021-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, եւ անոր առաջին օրը կատարուեցան երկու մրցումներ` Ա. խմբակին մէջ:
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքին, դաշտին տէրը` Պրազիլ, որ 5 անգամ հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան, սկսաւ վստահ յաղթանակով մը, երբ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վենեզուելան:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Մարքինիոս (23-րդ), Նէյմար (64-րդ` փենալթիով) եւ Կապրիել Պարպոսա (89-րդ):
Նոյն խմբակին մէջ տեղի ունեցած Քոլոմպիա-Էքուատոր մրցումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով:
Էտուին Քորտոպա նշանակեց Քոլոմպիոյ եւ մրցումին միակ կոլը (42-րդ):
Նշենք, որ այս մրցաշարքը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար Քոլոմպիոյ եւ Արժանթինի մէջ, սակայն անոնք զրկուեցան այդ իրաւունքէն, առաջինը` «Քորոնա» ժահրին եւ երկրին անկայուն քաղաքական վիճակին պատճառով, իսկ երկրորդը` «Քորոնա» ժահրին երրորդ ալիքին պատճառով:
Նշենք, որ մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի չորս քաղաքներու մէջ, իսկ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 10 յուլիսին, Ռիօ տը Ժանէյրոյի «Մարաքանա» մարզադաշտին վրայ: