Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականը սկսաւ ողիմպիական խաղերու նախապատրաստական վերջնական հանգրուանին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Աբովեանի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցող այս ուսումնամարզական հաւաքը տեղի կ՛ունենայ մարզիչ Վիգէն Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ:
Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու կարելիութիւն պիտի ստանան Սիմոն Մարտիրոսեան եւ Իզապելլա Եայլեան:
Հայաստանի հաւաքականին ուսումնամարզական հաւաքը նախատեսուած է մինչեւ յուլիսի կէսը:
Հաւաքին կը մասնակցին 14 մարզիկներ:



