Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցած «Կրանտ-Չես-Թուր»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ ազրպէյճանցի Թէյմուր Ռաճապովի դէմ, արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 14-րդ շարժումին:
Առաւելագոյն 9 կէտէն 5 կէտ ապահովելով, Արոնեան գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Տիտղոսին տիրացաւ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարով, որ ապահովեց 6 կէտ:



