Երէկ` երկուշաբթի, 14 յունիսին, «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին չորրորդ օրը, կատարուեցան երեք ճակատումներ:
Ե. խմբակին մէջ, Սպանիա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շուէտի մէջ, մինչ Լեհաստան 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Սլովաքիայէն:
Սլովաքիա իր յաղթանակի կոլը նշանակեց 69-րդ վայրկեանին:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան երրորդ մրցումին, Դ. խմբակին մէջ Չեխիա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Սկովտիոյ:
Փաթրիք Շիք նշանակեց Չեխիոյ երկու կոլերը:
Այսօր` երեքշաբթի, կը կատարուին երկու մրցումներ` Զ. խմբակին մէջ:
Առաջինին, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Հունգարիա կը մրցի Փորթուգալի դէմ, իսկ ժամը 22:00-ին, բաւական զօրաւոր եւ տաք ճակատումի մը ընթացքին, իրարու դէմ կը մրցին Ֆրանսա եւ Գերմանիա:
կազմակերպիչ ակումբին` «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. »-ի պատասխանատուներուն կողմէ: