Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 13 յունիսին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նըժում մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Նըժմէի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին համար վաղուան այս մրցումը պիտի ըլլայ բաւական կարեւոր` վտանգաւոր գօտիէն հեռանալու համար:
Կ՛ակնկալուի, որ ՀՄԸՄ-ի կազմին մարզիկները լաւապէս գործադրեն իրենց փորձառու մարզիչին` Վաչէ Սարգիսեանի տուած ցուցմունքները եւ իրենց մրցակիցէն խլեն առաւելագոյն երեք կէտը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ին` վաղուան այս կարեւոր մրցումին առիթով:


