Երէկ եւ նախանցեալ օր Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Եւրօ-2020»-ի ծիրին մէջ, կատարուեցան վեց մրցումներ:
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն մասնակցող Ֆինլանտայի ազգային խումբը Բ. խմբակի առաջին հանգրուանի մրցումներուն նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Դանիոյ:
Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ 60-րդ վայրկեանին մինչ 74-րդ վայրկեանին Դանիոյ մէկ մարզիկը ի նպաստ իր կազմին փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել:
Այս մրցումը 43-րդ վայրկեանին ընդհատուեցաւ եւ ապա շարունակուեցաւ 2 ժամ ետք, երբ Դանիոյ միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսըն իր գիտակցութիւնը կորսնցնելով գետին ինկաւ:
Իտալական Ինթեր Միլանի 29 տարեկան ֆութպոլիստը դաշտին վրայ 20 վայրկեան բուժումի ենթարկուելէ ետք փոխադրուեցաւ հիւանդանոց եւ ենթարկուեցաւ մանրամասն քննութիւններու, ապա յայտարարուեցաւ, որ անոր առողջութիւնը կայուն է:
Մնալով նոյն խմբակին մէջ` Պելճիքա 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ռուսիոյ, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած մրցումին:
Իտալական Ինթեր Միլանի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու, որ նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը (10-րդ եւ 88-րդ), զանոնք նուիրեց իր ակումբին խմբակիցին` Էրիքսընին:
Ինչ կը վերաբերի Կալես-Զուիցերիա մրցումին, անիկա աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով:
Դ. խմբակին մէջ, Անգլիա «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց աշխարհի փոխախոյեան Խրուաթիոյ դէմ:
Անգլիոյ եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Ռահիմ Սթերլինկ (57-րդ):
Գ. խմբակին մէջ, Աւստրիա 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մակեդոնիոյ դէմ:
Վերջապէս, երէկուան վերջին մրցումին, նետերլանտներ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Ուքրանիոյ դէմ:
Նետերլանտներ իրենց յաղթանակի կոլը նշանակեցին մրցումին 85-րդ վայրկեանին:
ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ.
Այսօր` երկուշաբթի, յայտագիրին վրայ են երեք ճակատումներ:
Դ. խմբակին մէջ, ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Սկովտիա կը մրցի Չեխիոյ դէմ:
Ժամը 19:00-ին, Լեհաստան կը մրցի Սլովաքիոյ դէմ, իսկ ժամը 20:00-ին, բաւական հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Սպանիա կը մրցի Շուէտի դէմ (երկուքն ալ` Ե. խմբակ):