Աշխարհի ճատրակի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Նետերլանտներու Վիյք Աան Զի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին:
Ան նախավերջին հանգրուանին սեւ քարերով պարտութեան մատնեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանան եւ 8,5 կէտով միանձնեայ առաջին դիրքին վրայ յայտնուեցաւ:
Վերջին հանգրուանին Քարլսընի մրցակիցը պէտք էր ըլլար ռուս Տանիիլ Տուպով, որ սակայն վարակուած էր «Քորոնա» Ժահրով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ յաղթանակը շնորհուի աշխարհի ախոյեանին:
Այսպիսով, Քարլսըն 8-րդ անգամ ըլլալով (ինչ որ կը նկատուի ցուցանիշ մը) տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Անոր ետին, երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի նախկին հնդիկ ախոյեան Վիշվանաթան Անանտ, որ Վիյք Աան Զիի տիտղոսին տիրացած է 5 անգամ:


