Շուրջ 36 տարուան սպասումէ մը ետք, Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն մասնակցելու Քանատայի յոյսերը բաւական բարձրացան` նկատի ունենալով, որ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով քանատացիք Հեմիլթոնի մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեցին Միացեալ Նահանգներու դէմ, հիւսիսային ամերիկեան տերպիի մրցումին:
Քանատա վերջին անգամ Մոնտիալին մասնակցած է 1986-ին:
9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Քանատա 22 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Միացեալ Նահանգներ եւ Մեքսիքա ունին 18-ական կէտ, իսկ Փանամա` 17 կէտ:


