Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ մրցեցաւ Ժամիհա Ալամիէի դէմ, արձանագրեց ջախջախիչ յաղթանակ մը` 9-3 արդիւնքով (կիսախաղ` 7-1):
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Մահմուտ Ռամատան (2-րդ եւ 20-րդ), Տիգրան Վարդան (2-րդ եւ 12-րդ), Հիւսէյն Զէյն (5-րդ), Ժոզեֆ Նատեր (7-րդ), Ժորժ Ֆարահ (18-րդ) եւ Հասան Պաժուք (30-րդ եւ 39-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 18 կէտ:
Նշենք, որ ցարդ իր կատարած մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի կազմը արձանագրած է վեց յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:
Անոր անմիջական մրցակիցը` «ԷՆ. ԷՍ. ՔԷՅ.», ունի 16 կէտ: