Երէկ` երկուշաբթի, 31 յունուարին Սպանիոյ թագաւորը` Ֆիլիփ Զ., շնորհաւորեց Ռաֆայէլ Նատալը, որ նախանցեալ օր տիրացաւ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտականի մրցումին յաղթելով ռուս Տանիիլ Մետվետեւին, հակառակ անոր որ ան առաջին երկու սեթերուն պարտուած էր:
«Խօսքերը բաւարար չեն արտայայտելու մեր մտածածը: Ռաֆայէլ Նատա՛լ, դուն եկար բարձր պահելու մեր անունը` միջազգային գետնի վրայ», թագաւորին խօսքերը մէջբերեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Ինչպէս ծանօթ է, Նատալ տիտղոսին տիրանալով մրցանիշ մը հաստատեց կրան շլեմի տիտղոսներու քանակով (21 անգամ):


