Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու մրցումներ:
Ռիատի Պէյրութ, որ Մանարայի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Տինամոն, արձանագրեց` 75-60 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը (21-15, 16-16, 20-11 եւ 18-18):
Հակառակ իր կազմին կրած պարտութեան, Ալի Հայտար ունեցաւ բաւական լաւ ներկայացում մը իր նախկին ակումբին` Ռիատիի դէմ տապըլ տապըլ մը իրագործելով (26 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ամիր Սէուտ (20 կէտ):
Երէկուան երկրորդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Տիք Մըհտիի մէջ, Շանվիլ 83-70 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անիպալ Զահլէն:
Յաղթական կազմէն տապըլ տապըլ մը իրագործեց Փաթրիք Պու Ապպուտ (14 կէտ, 12 ռիպաունտ):


