Ափոյէլ Նիկոսիոյ (Կիպրոս) ֆութսալի խումբին մաս կազմող կիպրահայ Քարլօ Հորոզեան նախորդ շաբաթավերջին հրաւիրուեցաւ Կիպրոսի ֆութսալի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբ:
Ասիկա բնականաբար հետեւանք է անոր ունեցած բացառիկ խաղարկութեան` իր կազմին հետ, որ տպաւորիչ ելոյթներ կ՛ունենայ երկրին ֆութսալի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին:
Կիպրահայ ֆութպոլիստին համար այժմ աւելի կարեւոր փուլ մը կը սկսի` նկատի ունենալով, որ ան միջազգային մրցաշարքերու մասնակցելով աւելի պիտի փաստէ ինքզինք եւ բնականաբար միջազգային փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգէ:


