Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան լաւագոյն ռմբաձիգը` Խուլիան Ալվարեզ, դարձաւ Մանչեսթըր Սիթիի նոր ֆութպոլիստ:
22 տարեկան ֆութպոլիստը 5,5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմին հետ, այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց մանչեսթըրեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան անգլիական ակումբ պիտի տեղափոխուի յառաջիկայ ամրան ընթացքին:
Մինչեւ ամառ ան կէս տարուան համար փոխ տրուեցաւ նոյնինքն իր ակումբին` Ռիվըր Փլէյթին:
Արժանթինի ֆութպոլի նախորդ ախոյեանութեան ան իր կազմին հետ կատարեց 21 մրցում` նշանակելով 18 կոլ եւ կատարելով 6 էսիսթ:
«Թրանսֆերմարքըթ»-ի համաձայն, անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 20 միլիոն եւրոյով:


