Ինչպէս ծանօթ է, 4-20 փետրուարին Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկ պիտի հիւրընկալէ 2022-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը:
Յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը ներկայացուց այն մարզիկներուն, մարզիչներուն եւ պատասխանատուներուն անունները, որոնք երէկ մեկնեցան Չինաստան` մասնակցելու համար այս խաղերուն դահուկարշաւի մրցումներուն:
Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրետի Քէյրուզ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին` յոյս յայտնելով, որ անոնք բարձր կը պահեն Լիբանանի անունը եւ անպայման մետալի մը կը տիրանան:


