Այսօր` երկուշաբթի, 20 յունիսին, յետմիջօրէին ժամը 18:30-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայան կը հասնի Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ազգային խումբը` Քաթարի մէջ իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Իր կատարած վերջին մրցումին, Լիբանան երէկ 89-62 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Նոր Զելանտայէն, հանդիսացաւ չորրորդ:
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանան յաղթելէ ետք Հարաւային Քորէային ապահովեց աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը, որուն աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 2-9 յուլիսին, սպանական Մալակա քաղաքին մէջ:


