Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը:
Նշենք, որ սկզբունքով աւարտական հանգրուանի մրցումները պիտի սկսէին այս շաբաթասկիզբին: Սակայն երբ ի յայտ եկաւ, որ Պէյրութի կարգ մը մարզիկները վարակուած են «Քորոնա» ժահրով, ֆետերասիոնը այդ մրցումներուն մեկնարկը յետաձգեց:
Աւարտականի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ պիտի հիւրընկալէ Պէյրութը, երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Վաղը` շաբաթ, 18 յունիսին տեղի պիտի ունենայ երկրորդ մրցումը, Լուէյզիի դաշտին վրայ, երեկոյեան ժամը 16:00-ին:
Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան: