Երէկ յետմիջօրէին Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Ռիատի Պէյրութ եւ Պէյրութ:
Ռիատի, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ 56-47 (10-14, 15-15, 17-11 եւ 14-7) արդիւնքով յաղթելով եւ 3-0 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը` Պէյրութը, հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Ռեպեքքա Աքըլ (13 կէտ, 12 ռիպաունտ), մինչ Պէյրութէն նոյնը իրագործեց` Վիքթորիա Մաքոլէյ (29 կէտ եւ 11 ռիպաունտ):
Մրցումին իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Փոլ Սըքայյեմ եւ Զիատ Թաննուս:
Աւարտին, յաղթական կազմը ստացաւ ախոյեանութեան տիտղոսը: