Սպանացի 35 տարեկան միջնապահ Սեսք Ֆապրեկաս հեռացաւ Մոնաքոյէն, այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անոր պայմանագրութիւնը հասած ըլլալով իր աւարտին, որոշուեցաւ երկու կողմերուն միջեւ համագործակցութիւնը դադրեցնել:
Յունուար 2019-ին Մոնաքոյին միացած Ֆապրեկաս իշխանապետական կազմին հետ մասնակցեցաւ ընդամէնը 68 մրցումի, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց 9 էսիսթ:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին Ֆապրեկաս մաս կազմած է նաեւ Պարսելոնայի, Չելսիի եւ Արսենալի, մինչ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 2010-ի Մոնտիալին հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան:


