Ազատ ֆութպոլիստ դարձած Ռէալ Մատրիտի նախկին յետսապահ Մարսելօ շատ հաւանաբար տեղափոխուի Ա. Սէ. Միլան, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
34 տարեկան պրազիլցին աւելի քան 15 տարի մաս կազմած է արքայական ակումբին եւ անոր հետ տիրացած 25 տիտղոսներու, որոնց կարգին` 5 անգամ «Չեմփիընզ Լիկ»-ին:
Այդ ժամանակամիջոցին ան մայրաքաղաքի կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 544 մրցումի, նշանակած 37 կոլ եւ կատարած 103 էսիսթ:
Ներկայիս, Ա. Սէ. Միլանի կազմին մէջ ձախ յետսապահի դիրքին վրայ կը խաղայ Թէօ Հերնանտեզ, որ իր կարգին նախապէս, անցեալին մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտին:


