Ինպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2022-2023 տարեշրջանի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, երբ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քլուժը (Ռումանիա):
Երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ յստակացան Քլուժի դէմ կատարուելիք մրցումներուն օրերը եւ ժամերը:
Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 5 յուլիսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ ժամը 20:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):
Իսկ դարձի մրցումը պիտի կատարուի Քլուժ-Նափոքա քաղաքի «Քոնսթանթին Ռատուլեսքու» մարզադաշտին վրայ, ժամը 22:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):