«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի 6-րդ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Կոլտըն Սթէյթ Ուրիըրզ 103-90 արդիւնքով յաղթելէ ետք Պոսթըն Սելթիքսին, հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այսպիսով Ուորիըրզ 4-2 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը:
Վերջին անգամ Կոլտըն Սթէյթ Ուրիըրզ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի ախոյեան հանդիսացած էր 2018-ին` աւարտականի մրցումին 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Քլիվլենտ Քաւալիրզը:
Աւարտական հանգրուանի այս 6-րդ մրցումին, 34-ական կէտ նշանակեցին Սթեֆըն Քարի (Ուրիըրզ) եւ Ճէյլըն Պրաուն (Սելթիքս):
Այսպիսով, Ուորիըրզ 6-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան:
Պոսթըն Սելթիքս եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ տիտղոսին տիրացած են 17-ական անգամ:


