Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հիմնադրութեան 30-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն ծիրին մէջ Աբովեան քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքային ֆութպոլի մարզադաշտի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Անոր ներկայ գտնուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին եւ այլ պաշտօնական հրաւիրեալներ:
Հիմնովին վերանորոգուած այս մարզադաշտը այսուհետեւ կրնայ հիւրընկալել 3100 հանդիսատես, ինչպէս նաեւ` տեղական եւ միջազգային ֆութպոլի մրցումներ:
Իր խօսքին մէջ Մելիքբէկեան ըսաւ, որ շատ հաւանաբար յառաջիկայ ամիս` յուլիսին, կը բացուի նաեւ Վանաձորի քաղաքային մարզադաշտը: