Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Պարսելոնա ամերիկեան իր շրջագայութեան սկսաւ բաւական տպաւորիչ յաղթանակով մը:
Ֆորթ Լոտըրտէյլի մէջ քաթալոնական կազմը, որ մրցեցաւ Ինթեր Մայեմիի դէմ, արձանագրեց 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Պարսայի հետ իր նորամուտը կոլով մը տօնեց պրազիլցի միջնապահ Ռաֆինիա:
Կոլի հեղինակ դարձան նաեւ սպանացի միջնապահ Կաւի, յառաջապահներ` կապոնցի Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, սպանացի Անսու Ֆաթի, նետերլանտցի Մեմֆիս Տեփայ եւ ֆրանսացի Ուսման Տեմպելէ:
Պարսելոնայի նորեկ լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի այս մրցումին իր մասնակցութիւնը չբերաւ:
Նշենք, որ Պարսելոնա իր այս մրցումը կատարեց առանց իր մարզիչին` Չաւիին, որ Միացեալ Նահանգներ մուտքի արտօնագիր ցարդ չէ կրցած ստանալ` նկատի ունենալով, որ երբ ան նախապէս քաթարեան Սատի մարզիչն էր, նախորդ երեք տարիներուն երեք անգամ այցելած է Իրան:
Պարսելոնա իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 24 յուլիսին, երբ Լաս Վեկասի մէջ պիտի մրցի Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի դէմ: