Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Արմաւիր մարզի Ջրառատ համայնք` հետեւելու համար ծանրաբարձութեան աշխարհի եւ եւրոպայի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Սիմոն Մարտիրոսեանի անուան մարզադպրոցի շինարարական աշխատանքներուն:
Անոր ընկերակցեցան Սիմոն Մարտիրոսեան եւ շինարարական հարցերու պատասխանատուները:
Այս մարզադպրոցին կառուցման աշխատանքները, որոնք սկսան 2021-ին, շատ հաւանաբար մինչեւ տարեվերջ հասնին իրենց աւարտին:
Ծրագիրի իրականացման ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի շուրջ 542 միլիոն դրամով:


