Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը այսօր` չորեքշաբթի, 20 յուլիսին բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երբ ճակատի Չինաստանի դէմ:
Քառորդ աւարտականի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան Ա. հանգրուանի իր մրցումները աւարտեց առանց պարտութեան` արձանագրելով երեք յաղթանակ:
Այսօրուան այս մրցումը կը նկատուի բաւական կարեւոր Լիբանանի համար` նկատի ունենալով, որ պարտուող խումբը դուրս պիտի մնայ մրցաշարքէն: