Նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) իր աւարտին հասաւ Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը:
ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները հանդիսացան երրորդ` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շարթիէ Տար Նուրի:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ին մաս կը կազմէին Նոէլ Քէշիշեան, Լարա Քեչեպաշեան եւ Լոռի Եահնէեան:
Տիտղոսակիր դարձաւ Անդրանիկ Պէյրութ, որ աւարտականին 3-1 արդիւնքով յաղթեց Ահլի Սայտային:
Ինչ կը վերաբերի տղոց աւարտական մրցումին, Ռիատի Ղազիր 3-2 արդիւնքով յաղթեց Անդրանիկ Պէյրութին:
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը հանդիսացան 8-րդ, մինչ ՀՄԸՄ Ճիւնիի տղաքը` 10-րդ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամներուն ներկայութեան: