Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի նախորդ շաբաթավերջին միացաւ քաթալոնական Պարսելոնային:
Ան իր նոր ակումբին հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրելու համար մեկնեցաւ Մայեմի (Միացեալ Նահանգներ), ուր Պարսա կը կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը` նախապատրաստուելու համար 2022-2023 տարեշրջանին:
33 տարեկան Լեւանտովսքի, որ 2014-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պայէրն Միւնիխին, անոր հետ ընդամէնը կատարեց 375 մրցում, նշանակեց 344 կոլ եւ կատարեց 72 էսիսթ:


